Search
Close this search box.

Էրտողան կոչ յղած է Հայաստանին՝ իր անվտանգութիւնը փնտռելու դրացիներու հետ համագործակցութեան մէջ

Նոյեմբեր 20-ին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան՝ կառավարութեան նիստէն ետք ժողովուրդին յղած իր ուղերձին մէջ կոչ ուղղած է Հայաստանին՝ իր անվտանգութիւնը փնտռելու դրացիներու հետ համագործակցութեան մէջ։

“Արեւմտեան որոշ գերտէրութիւններ տակաւին չեն գիտակցիր, որ Ղարաբաղի պատերազմէն ետք մեր տարածաշրջանին մէջ նոր դարաշրջան բացուած է: Լաւ պիտի ըլլար, որ հայ ժողովուրդն ու անոր ղեկավարները  իրենց անվտանգութիւնը փնտռէին ոչ թէ հազարաւոր քիլոմեթրեր անդին, այլ մօտիկ դրացիներու հետ խաղաղութեան եւ համագործակցութեան մէջ”,– ըսած է ան։

Թուրքիոյ առաջնորդը ընդգծած է, որ Արեւմտեան երկիրներու կողմէ ուղարկուած զէնքն ու զինամթերքը չեն կրնար կայուն խաղաղութիւն ապահովել։ Ան նաեւ կոչ յղած է Հայաստանին սեղմելու Ազերպայճանի մեկնած «բարեկամութեան ձեռքը»։

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի զինուած ուժերը գրեթէ ամէնամսեայ պարբերականութեամբ միատեղ ռազմափորձեր կը կատարեն՝ մասնաւորապէս Հայաստանի սահմաններու դրացնութեամբ։ Ազերպայճանական բանակը թրքական եւ այլ պետութիւններու սպառազինութեամբ կ՚ամբողջացուի, իսկ այդ ընթացքին Հայաստան ձեռք բերած է միայն պաշտպանութեան նշանակութեան զէնքեր։

***

Միւս կողմէ, Պաքու կրկին մեղադրած է Փարիզը՝ «Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնը խաթարելուն համար»։

«Ֆրանսա ռազմատենչ քաղաքականութիւն կը վարէ, կը զինէ Հայաստանը, կը խրախուսէ այդ երկրին վրէժխնդիր ուժերը եւ հող կը նախապատրաստէ մեր տարածաշրջանին մէջ նոր պատերազմներ սանձազերծելու համար»,– ըստ ազերպայճանական APA գործակալութեան՝ Նոյեմբեր 20-ին, «Ապագաղութացում. կիներու հզօրացում եւ զարգացում» միջազգային համաժողովին յայտարարած է Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։