Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան թրքական պետական «TRT» լրասփիւռին տուած հարցազրոյցին անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ վարչապետ Փաշինեանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին:
“Վարչապետ Փաշինեանի հետ երկու երկիրներու կրօնական տօներու շրջանակին մէջ հեռաձայնային զրոյց ունեցանք, որու ընթացքին փոխադարձ շնորհաւորանքներ յղեցինք։ Անշուշտ խօսեցանք նաեւ մեր երկրի եւ Հայաստանի միջեւ շարունակուող կարգաւորման գործընթացին մասին”,– ըսած է Էրտողան:
Ան ընդգծած է, որ Ազերպայճան ի սկզբանէ Թուրքիոյ համար եղած է կարմիր գիծ եւ թէ Ազերպայճանի խնդիրները լուծելէ ետք Անգարա կը բանայ սահմանները․ “Ի սկզբանէ Հայաստանի հետ յարաբերությիւններուն մէջ մեր կարմիր գիծը Ազերպայճանն էր: Մենք կը բանանք մեր դռներն այն ատեն, երբ լուծում գտնէ Ազերպայճանի հարցը”,– յայտարարած է ան։
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ յայտնած է․– “Գոհունակութեամբ ընդունեցի, երբ լսեցի, որ վարչապետ Փաշինեան տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ համագործակցութեան տեսանկիւնէն կը բաժնէ մեզի հետ այդպիսի մտքեր։ Բայց կ՚ակնկալենք, որ խօսքէն անդին յստակ քայլեր առնեն”։
Էրտողանի համաձայն՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիա լուրջ ու վճռական է, կը հետապնդէ ամբողջական կարգաւորում եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատում։
Ան յիշեցուցած է Թուրքիոյ մէջ ապրող, ըստ իրեն, աւելի քան 100 հազար Հայերու մասին։
“Ներկայ պահուն Թուրքիոյ մէջ կայ աւելի քան 100 հազար Հայ, որոնց մէջ կան թէ՛ մեր քաղաքացիները, թէ՛ ոչ-քաղաքացիներ՝ բայց եւ այնպէս քաղաքացիութեան թեկնածուներ։ Ահա այս ալ ցոյց կու տայ մեր վերաբերումը”:
Աւարտին Էրտողան կրկին յիշեցուցած է, որ Անգարա իր գործողութիւնները կը համակարգէ Պաքուի հետ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։