Էրտողան.- «Ղարաբաղ կը գտնուի Ազերպայճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ»

 

Օգոստոս 6-ին, Ռուսաստանէն վերադարձի ճամբուն վրայ Էրտողան օդակայանին մէջ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն անդրադարձած է նաեւ Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած լարուած կացութեան։

Ան ըսած է թէ ինք վերջին օրերու իրադարձութիւններու հարցը քննարկած է Ազերպայճանի նախագահին հետ։

“Նախ եւ առաջ մենք կը դատապարտենք յարձակումը, որ պատճառ դարձաւ մեր ազերպայճանցի եղբայրներէն մէկուն մահուան։ Ղարաբաղը կը գտնուի Ազերպայճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ։  Պաքու, ի հարկէ, պիտի չուզէ որ իր տարածքին մէջ ըլլան զինեալ ապօրինի կազմաւորումներ։ Եռակողմ յայտարարութենէն անցած է գրեթէ երկու տարի (2020 Նոյեմբեր 9) եւ կարեւոր է, որ Հայաստան կարելիին չափ արագ կատարէ իր պարտաւորութիւնները”,– ըսած է Էրտողան, միաժամանակ յարձակման մէջ մեղադրելով հայկական կողմը։