Յուլիս 1-ին Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին յայտարարուած են Իշխան Սաղաթէլեանը ԱԺ-ի փոխնախագահի պաշտօնէն զրկելու, ինչպէս նաեւ Վահէ Յակոբեանի՝ տնտեսական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնաժողովի նախագահի լիազօրութիւնները դադրեցնելու մասին գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքները: Համապատասխան նախաձեռնութիւնը կը պատկանէր իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան, որ միաձայնութեամբ՝ 66 թեր քուէով մասնակցած է ընդդիմադիրները պաշտօնազրկելու իր իսկ նախաձեռնութեան։
Ընդդիմադիր երեսփոխանները պաշտօնէն հեռացնելը միայն առաջին քայլն է: Իշխանութիւնը կը քննարկէ բացակայութիւններու պատճառաւ 10 երեսփոխան եւս խորհրդարանական լիազօրագրէն զրկելու կարելիութիւնը։
Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը ներկայ չէ եղած նիստին:
Նոյն օրը, ԱԺ-ի «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան Արմէն Գէորգեան հրաժարական ներկայացուցած է Տարածաշրջանային և եւրասիական համարկումի հարցերու յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնէն։
Արմէն Գէորգեան
Նշենք, թէ ըննդիմադիր երեք ուրիշ երեսփոխաններ ալ հրաժարած են յանձնաժողովի փոխնախագահի իրենց պաշտօնէն։
Այսպէս, Թադէոս Աւետիսեան («Հայաստան» խմբակցութիւն) հրաժարած է ԱԺ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու մնայուն յանձնաժողովի փոխնախագահի պաշտօնէն։
Արթուր Խաչատրեան («Հայաստան» խմբակցութիւն) հրաժարած է ԱԺ ֆինանսավարկային եւ ամավարկային հարցերու մնայուն յանձնաժողովի փոխնախագահի պաշտօնէն։
Հայկ Մամիջանեան («Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւն) հրաժարած է ԱԺ Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի փոխնախագահի պաշտօնէն։
Աւելցնենք, թէ «Ազատութիւն» լրասփիւռին տուած հարցազրոյցին՝ երեսփոխան Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարած էր, թէ ընդդիմութիւնը հաւանաբար պիտի հրաժարի միւս վարչական՝ յանձնաժողովի նախագահի, փոխնախագահի պաշտօններէն։ “Բոլորը նուիրում ենք իրենց, թող գնան, անեն ինչ ուզում են”,– նշած էր ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։