Մարտ 3-ին, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխանները Չարենցաւանի մէջ հանդիպում ունեցած են համայնքի խուռներամ շարքերուն հետ, քննարկելով յառաջիկայ կարելի զարգացումները, անոնց՝ միասնական ուժերով դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը։ Անոնք ականջալուր եղած են ժողովուրդի տեսակէտներուն եւ պատասխանած զանոնք յուզող բազմաթիւ հարցումներուն։
Երեսփոխան Իշխան Սաղաթէլեան տեղեկացուցած է, թէ Հայաստանի շրջաններուն մէջ նման հանդիպումները պարբերական բնոյթ կը կրեն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։