Search
Close this search box.

Ըստ ազերպայճանական լրասփիւռին՝ Հայ-ազերպայճանական սահմանին այսօր (Դեկտեմբեր 13-ին) տեղի կ՚ունենայ գերիներու փոխանակումը

Ազերպայճանական «Թուրան» գործակալութեան համաձայն՝ Դեկտեմբեր 13-ի առաւօտեան հայ-ազերպայճանական սահմանին՝ Իջեւանի եւ Ղազախի շրջանին մէջ, տեղի կ՚ունենայ քանի մը օր առաջ յայտարարուած ռազմագերիներու փոխանակումը։ 

Կը սպասուի, որ Ազերպայճան ազատ արձակէ 32 հայ ռազմագերիները, իսկ Հայաստան՝ երկու ազերպայճանցի զինուորներ։

Ինչպէս հաղորդած էինք Հայաստան վերադարձող 32 գերիներէն 26-ը ձերբակալուած են 2020 Դեկտեմբերին, բռնագրաւուած Հադրութի ճամբուն վրայ, իսկ մնացեալ 6-ը՝ սահմանային շրջաններուն մէջ։

Ինչ կը վերաբերի ազատ արձակուող երկու Ազերպայճանցիին, ապա անոնք ձերբակալուած էին Սիւնիքի մէջ։ Անոնցմէ մէկը սպանած է Զանգեզուրի պղինձի գործատան աշխատակիցը եւ դատապարտուած ցմահ բանտարկութեան։