Search
Close this search box.

Ըստ Ազերպայճանի Անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավարին՝ Պաքու կրնայ Երեւանը ստիպել կնքելու խաղաղութեան պայմանագիր

Ազերպայճանի Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) ղեկավար Ռամիլ Ուսուպով «Ազերպայճան» թերթին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ նշած է. «Շարք մը  օտար երկիրներու պետութիւններու եւ կազմակերպութիւններու՝ Հայաստանի տարածքը սպառնալիքներու նոր օճախներ ստեղծելու փորձերու համար օգտագործելն ու նման գործողութիւններու սաստկացումը վերջին ամիսներուն ա՛լ աւելի կը սրեն Հարաւային Կովկասի արդէն լարուած իրավիճակը։ Այդպիսի վրէժխնդրական քաղաքականութեան պայմաններու տակ Ազերպայճան հետեւողականօրէն կ՚ամրապնդէ իր անվտանգութեան համակարգը։ Արդէն ամբողջովին մշակած ենք արդիւնաւէտ պաշտպանական համակարգ եւ հարուածի ռազմավարութիւն, որու շնորհիւ կրնանք արագ հակազդել որեւէ արտաքին ազդեցութեան»։ 

Արդարեւ, ըստ անոր՝ «Ազերպայճան ի վիճակի է կասեցնելու երկրի անվտանգութեան ուղղուած ճնշումի եւ ազդեցութեան որեւէ փորձ»։ 

«Ոչ միայն հայ վրէժխնդիր ուժերը, այլեւ մեծ տէրութիւնները, որոնք չեն ընդունիր տարածաշրջանին մէջ Ազերպայճանի անկախ կամքն ու առաջնորդութիւնը, պէտք է ճիշդ հետեւութիւններ ընեն անցեալ տարիներու փորձառութենէն եւ չմոռնան “երկաթէ բռունցք”-ի ուժին մասին»,– սպառնացած է ազերպայճանցի պաշտօնատարը։ 

Ուսուպով նաեւ յայտարարած է, թէ «Ազերպայճան, իբրեւ յաղթող երկիր եւ տարածաշրջանի ռազմական հզօրութեան կեդրոն, կրնայ պարտուած Հայաստանը ստիպել կայուն խաղաղութեան, այսինքն՝ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու»։ 

«Պաքու այդ քայլին կրնայ դիմել՝ մեկնելով միջազգային իրաւունքի պահանջներէն։ Մեր երկիրը, հակառակ իր յաղթանակին, բանակցութիւններու մէջ հեռու է ամբարտաւանութենէ։ Խնդրի լուծումը փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի, ինչպէս նաեւ Հայաստանը արտաքին կործանարար ազդեցութենէ փրկելու մէջ է, որ ձախողութեան կ՚առաջնորդէ։ Հայաստանի իշխանութիւնները որոշում կայացնելու ատեն պէտք է նկատի ունենան իրենց պետութեան ու ժողովուրդին շահերը։ Եթէ Երեւան իր մէջ ուժ գտնէ ձերբազատելու իր հովանաւորներու վնասակար ազդեցութենէն, երկու պետութիւններու միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը կարելի կը դառնայ»,– գրած է Ազերպայճանի Անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավարը։

***

«ՆՅ» – Ու­սուպո­վի խօս­քե­րը կա­րելի է մեկնաբանել եր­կու են­թադրու­թեամբ։ 

Առա­ջինը այն է, որ ան կ՚ու­զէ ըսել՝ մենք կրնանք Հա­յաս­տա­նի պար­տադրել մե՛ր պայ­մաննե­րը, որոնցմէ ծան­րա­գոյ­նը, վեր­ջին բա­ցայայ­տում­նե­րու լոյ­սին տակ (տե՛ս. Ա. էջ) սահ­մա­նագի­ծէն օտար դէ­տերու մեկ­նումի պա­հանջն է, միւս եր­կուքը այս մէ­կը մշուշապատե­լու պատ­րուակ­ներ ըլ­լա­լով։ Որով­հե­տեւ Ազեր­պայճան ոչ Հա­յաս­տա­նի Սահ­մա­նադ­րու­­թեան տրա­մադ­րութիւննե­րէն կրնայ իրա­պէս մտա­հոգուիլ, ոչ ալ վէ­ճերու՝ աշ­խարհի ամէ­նէն ազ­դե­ցիկ եւ հե­ղինա­կաւոր դա­տարան­ներն ու ատեան­նե­րը փո­խադ­րումէն, քա­նի որ,– ինչպէս ար­դէն բազ­միցս փաս­տեց, – զա­նոնք կ՚ար­հա­մար­հէ բո­լորո­վին։ Իսկ այդպէս՝ պարտադրեալ պայմաններով ստորագրուած փաստաթուղթ մը ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ կոչել «Խաղաղութեան պայմանագիր», ատոր գաղտնիքը միայն Պաքուն ունի։

Իսկ կա­րելի երկրորդ են­թադրու­թիւնը այն է որ Ու­սուպո­վի այս յայ­տա­րա­րու­թիւննե­րը իրականութեան մէջ կը մատ­նեն խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագիր չստո­րագ­րե­լու Պաքուի տրա­մադ­րութիւնը։ Ար­դա­րեւ, մինչ Հա­յաս­տան տիւ եւ գի­շեր այդ պայ­մա­նագիրը ստո­րագ­րե­լու մա­սին կը խօ­սի ու ինչ­պէս կ՚ըսէ ժո­ղովրդա­կան ասա­ցուած­քը՝ այս կրկնե­լով այլեւս Երե­ւանի «լե­զուին վրայ մազ բու­սած է», «Երե­ւանը կրնանք ստի­պել խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագիր ստո­րագ­րե­լու» յայտարարելը կրնայ հե­տապնդել մի­ջազ­գա­յին հան­րութիւ­նը մո­լորեց­նե­լու նպա­տակը, այնպէս ցոյց տալով որ՝ իբր թէ Հա­յաս­տանն է որ կը մերժէ ստորագրել եւ յետոյ ալ՝ այս նշա­նաւոր պայ­մա­նագրի չստո­րագ­րուելու պա­րագա­յին ձա­խողու­թեան ամ­բողջ պա­տաս­խա­նատ­ւութիւ­նը բար­դելու Հա­յաս­տա­նի ու­սերուն։