Հայաստանի հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է թրքական լրասփիւռներու տարածած տեղեկութիւնը, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի յաջորդ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Սեպտեմբերին:
«Այս պահի դրութեամբ հանդիպման վերաբերեալ որեւէ համաձայնութիւն չկայ։ Յատուկ ներկայացուցիչների հանդիպումների մասին մենք հանրութեանը պատշաճ ժամկէտերում, նախօրօք տեղեկացնում ենք»,– յայտնած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Վահան Յունանեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։