Search
Close this search box.

Ըստ Էրտողանի՝ «Կարելի չէ մսխել Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ներկայի հնարաւորութիւնը»

EFES 2024 ռազմափորձերու շրջանակին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը արտասանած խօսքին մէջ՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած է, թէ «Կարելի չէ մսխել Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ներկայի հնարաւորութիւնը»։

“Պատմական կարելիութիւն ստեղծուած է տարածաշրջանին մէջ։ Հայ ժողովուրդը պէտք է ապագան տեսնէ ոչ թէ դուրսէն բանաստեղծութիւն յօրինողներու հետ, այլ ՝դրացիներուն, որոնց հետ ապրած է դարեր շարունակ”,– ըսած է ան։