Ազերպայճանական «ԱՓԱ» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Թուրքիոյ Երթեւեկի ու ենթակառոյցներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու յայտնած է, թէ Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երթեւեկութեան բնագաւառի ամէնէն մեծ նախագիծը «Զանգեզուրի միջանցք»-ն է։
“Այս ուղղութեամբ մենք աշխուժօրէն կը շարունակենք աշխատանքները ազերպայճանական կողմին հետ։ Իսկ թէ ուրկէ՛ պիտի անցնի միջանցքը՝ Հայաստանի՞, թէ՞ Իրանի տարածքով, պիտի որոշեն մեր ազերպայճանցի եղբայրները։ Յամենայն դէպս այդ միջանցքը Նախիջեւանի վրայով պիտի հասնի Թուրքիա։
Թուրքիոյ մէջ մենք աւարտեցինք մեր նախագիծը, կազմակերպեցինք մրցոյթ, շուտով պիտի սկսինք շինարարական աշխատանքները եւ երթեւեկութեան ուղղակի կապ պիտի ապահովենք Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի միջեւ”,– ըսած է թուրք նախարարը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։