Թուրքիոյ Առեւտուրի փոխնախարար, Մաքսային վարչութեան պետ Ռըզա Թունա Թուրակայ յայտարարած է, որ Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ առեւտրային յարաբերութիւններու ընդլայնման կարեւորագոյն հարցերէն մէկը «Զանգեզուրի միջանցք»-ի (ընդգծումը՝ մեր կողմէ) բացումն է:
“Այս «միջանցք»-ին բացումը մեզի առաւելութիւններ պիտի ընձեռէ Ազերպայճան, իսկ այնտեղէն Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներ մուտք գործելու առումով՝ առեւտուրի ծաւալները աւելցնելու համար”,– ըսած է ան, նշելով որ՝ նպատակ ունին երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքներու շրջանառութիւնը 15 միլիառ տոլարի հասցնելու, ներկայի 5 միլիառ տոլարին փոխարէն։ “Առ այդ կը շարունակուին Ռուսաստանի հետ բարձր մակարդակի բանակցութիւնները «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման շուրջ: Մենք կ՚ակնկալենք, որ «միջանցք»-ը պիտի բացուի շատ մօտ ապագային”,– «ԱՓԱ»-ին հաղորդած է Թուրք փոխնախարարը:
Յիշեցնենք, որ վերջերս Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան նիստին՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնին եւ Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահին յանձնարարած էր ապահով պայմաններ ստեղծել, որ ազերպայճանական կողմը կարենայ անարգել անցնիլ Հայաստանի տարածքով դէպի Նախիջեւան: Միաժամանակ, Փաշինեան ընդգծած էր, որ այդ պիտի կատարուի Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով:
“Մենք այս ընթացքում ամէն օր էլ պատրաստ ենք Ադրբեջանի արեւմտեան շրջանի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապն ապահովելու, այդ Ադրբեջանն է, որ չի օգտւում մեր ընձեռած հնարաւորութիւններից: Մենք այսօր էլ ասում ենք` Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով եկէ՛ք, հատէ՛ք Հայաստանի սահմանը, գնացէ՛ք Նախիջեւան: Հէնց այսօր”,– նշած էր ան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։