Իրանի նախագահի աշխատակազմի քաղաքական հարցերու մէջ ղեկավարի տեղակալ Մոհամմէտ Ջամշիտի X-ի իր հաշիւին գրառումով կը հաղորդէ.
«Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Գրիգորեան եւ Ազերպայճանի նախագահի յատուկ բանագնաց Խալաֆով զեկոյցներ ներկայացուցած են Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիին։ Երկու հանդիպումներուն ալ նախագահը յայտարարած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը ազգային անվտանգութեան սպառնալիք է երկիրներու համար։ Միջանցքը ՕԹԱՆ-ի համար յենակէտ կը դառնայ։ Հետեւաբար Իրան վճռականօրէն դէմ է «Զանգեզուրի միջանցք»-ի գործարկումին»,– կը գրէ ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։