Search
Close this search box.

Ըստ հնդկական մամուլին՝ Հայաստանի մատակարարուած է «Փինաքա» հրթիռային համակարգերու առաջին խումբը

Ըստ հնդկական ANI լրատու գործակալութեան՝ Հնդկաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներ հաղորդած են, որ Հայաստանի մատակարարուած է հնդկական «Փինաքա» հրթիռային համակարգերու առաջին խումբը:

Ըստ նոյն աղբիւրներուն` Հայաստանին «Փինաքա» համակարգերու մատակարարման պայմանագիրը կնքուած էր շուրջ երկու տարի առաջ` երկար բանակցութիւններէ ետք:

«Հայաստան՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ, հնդկական զէնքերու երեք մեծագոյն ներածողներէն մէկն է»,– նշած են վերոնշեալ գործակալութեան աղբիւրները:

Հնդկական հրթիռային համակարգի թիրախներու ոչնչացման հեռահարութիւնը 75 քիլոմեթր է:

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը սակայն չէ մեկնաբանած գնումներու մասին հնդկական կողմի տեղեկութիւնները, խնդրելով հիմք ընդունիլ Նախարարութեան` միջազգային համագործակցութեան վերաբերեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւնները եւ իրաւասու պաշտօնատարներու յայտարարութիւնները:

Այս կապակցութեամբ Նոյեմբեր 24-ին Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նոյնիսկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է` պնդելով, թէ օտար լրասփիւռներ կը շարունակեն Հայաստանի սպառազինութեան ձեռքբերման, ինչպէս նաեւ անոր շուրջ բանակցութիւններու մանրամասնութիւններու մասին իրականութեան չհամապատասխանող հրապարակումներ տարածել:  Այս պատճառով ռազմական գերատեսչութիւնը հայստանեան լրասփիւռներուն յորդորած է նախքան նման նիւթերը հրապարակելը ճշդումներ կատարել Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ: