Search
Close this search box.

Ըստ «Հրապարակ»-ի՝ Բագրատ սրբազան մեկնած է Մոսկուա

«Հրապարակ» թերթը Նոյեմբեր 1-ին նշելէ ետք, թէ յայտարարուած է Բագրատ սրբազանի (Գալստանեան)  առողջական քննութիւններու համար երկու օրով արտասահման մեկնելուն մասին, կ՚աւելցնէր թէ ըստ իրենց («Հրապարակ»-ի) տեղեկութիւններուն՝ ան մեկնած է Մոսկուա։ Թերթը այնուհետեւ կը գրէր.

«Լուրեր կան, որ այցի նպատակը այնքան ալ բուժումը չէ, որքան Ռուսաստանի որոշ շրջանակներու հետ հանդիպումները։ Ի դէպ, վերջին շրջանին յաճախացած են ընդդիմադիր դաշտէն այցերը Մոսկուա, Քրեմլին սկսած է որոշ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել Հայաստանի նկատմամբ, յատկապէս Վրաստանի ընտրութիւններէն յետոյ։ Հիմա Ռուսաստան՝ Ազերպայճանի եւ Վրաստանի հետ ունի համաչափ զարգացող յարաբերութիւններ, իսկ Հայաստանի հետ` խնդիրներ:

Այս օրերուն յայտնի դարձաւ որ [Հայաստանի քաղաքացի – «ՆՅ»] շուրջ 40 հոգիի մուտքը արգիլուած է Ռուսաստան, ինչպէս՝ Սամուէլ Ալեքսանեանի եւ Խաչատուր Սուքիասեանի, արեւմտամէտ քաղաքական  գործիչներու, սորոսական երեսփոխաններու: Ռուսաստան որոշած է առայժմ իշխանութիւններուն չդպչիլ, բայց անոնց արբանեակներն ու յենարանները պատժել: Այդ քայլերը մտահոգութիւն յառաջացուցած են Հայաստանի իշխանական շրջանակներուն մէջ»։