Search
Close this search box.

Ըստ Միացեալ Թագաւորութեան՝ զօրքերը պէտք է վերադառնան իրենց սկզբնական դիրքերը

Միացեալ Թագաւորութիւնը անդրադարձած է Ազերպայճանի՝ Հայաստանի վրայ յարձակման, նշելով որ՝ զօրքերը պէտք է ետ քաշուին այն դիրքերը, ուր կը գտնուէին ռազմական գործողութիւններէն առաջ:

Ազերպայճանական վերջին յարձակման մասին Հայաստանի հանրային հեռատեսիլի «Լուրեր»-ու հարցումին ի պատասխան, Հայաստանի մէջ Միացեալ Թագաւորութեան դեսպանատունը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր ըսուած է.- «Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութիւնը, ինչպէս՝ Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի մեր միջնորդութեան ընթացքին, յստակ արտայայտուած է, որ զինուած ուժերը պէտք է ետ քաշուին այն դիրքերը, ուր կը գտնուէին ռազմական գործողութիւններէն առաջ: Հակամարտութիւնը լուծելու միակ ճանապարհը դիւանագիտութիւնն է»:

«Մենք միշտ դատապարտած ենք քաղաքացիական տարածքներու թիրախաւորումը բոլոր հակամարտութիւններու ընթացքին։ Մեր մտքերը վերջին բռնութիւններու հետեւանքով զոհուածներու կամ վիրաւորներու ընտանիքներուն հետ են։ Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութիւնը կ՚ողջունէ ռազմագերիներու եւ զոհերու աճիւններու վերադարձը։ Կոչ կ՚ընենք կողմերուն քննարկել մնացած բոլոր ռազմագերիներու եւ զոհերու աճիւններու վերադարձի հարցը։ Խոշտանգումներու մասին հաղորդումները չափազանց մտահոգիչ են. անհրաժեշտ է համապատասխան մարմիններու մանրակրկիտ հետաքննութիւն»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: