Search
Close this search box.

Ըստ Պաշտպանութեան բանակին՝ Արցախի շփման գիծին վրայ լարուած կացութիւն կը տիրէ

 

Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակը կը տեղեկացնէ, թէ շփման գիծին վրայ լարուած կացութիւն կը տիրէ։ Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան ու ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուներուն հետ համապատասխան քայլերու կը ձեռնարկէ իրավիճակի հանգուցալուծման ուղղութեամբ: Արցախի պաշտպանական գերատեսչութիւնը լրասփիւռներուն եւ ընկերային ցանցերու անհատ օգտատէրերուն կոչ կ՚ընէ հետեւելու բացառապէս պաշտօնական լրահոսին:

Իր կարգին, Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան անդրադառնալով երկրին սահմանային հատուածին մէջ տիրող իրավիճակին, նշած է, թէ խուճապի մատնուելու կարիք չկայ, նկատի ունենալով որ ամէն ինչ կը գտնուի Արցախի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ։

Նշենք, թէ Օգոստոս 1-ի առտուան ժամերէն սկսեալ, Արցախի հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւմտեան սահմանագօտիի շարք մը հատուածներուն մէջ ազերպայճանական ստորաբաժանումները գրգռիչ քայլերու դիմած են փորձելով խախտել շփման գիծը, սակայն Պաշտպանութեան բանակի ուժերը կասեցուցած են հակառակորդի յառաջխաղացքը։Այդ ընթացքին վիրաւորուած է հայ զինուոր մը։ Անոր առողջական վիճակը բաւարար կը գնահատուի։