Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին մեկնաբանելով Փարիզի ու Երեւանի միջեւ ռազմական համագործակցութեան ամրապնդումը՝ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտարարած է, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ Արեւմուտքի օրակարգը միշտ չէ, որ կը համապատասխանէ տարածաշրջանի երկիրներու շահերուն։
“Արտատարածաշրջանային երկիրները Հարաւային Կովկաս կ՚երթան իրենց օրակարգով, որ մեղմ ըսած՝ միշտ չէ, որ կը համապատասխանէ տարածաշրջանային երկիրներու շահերուն։ Այսօր արեւմտեան երկիրները կ՚ուղղուին դէպի Հարաւային Կովկաս՝ հակառուսական բացայայտ առճակատման օրակարգով։ Մենք համոզուած ենք, որ այդ չի նպաստեր Անդրկովկասի մէջ կայունութեան ու անվտանգութեան”,– ըսած է Կալուզին։ Ան նաեւ նշած է, թէ Մոսկուայի կարծիքով՝ «տարածաշրջանային անվտանգութիւնը կրնայ առաւելագոյնս արդիւնաւէտ կերպով ապահովուիլ տարածաշրջանի պետութիւններու ջանքերով»։ “Մենք կողմնակից ենք տարածաշրջանային պատասխանատւութեան թէ՛ անվտանգութեան ապահովման, թէ՛ Հարաւային Կովկասի մէջ եւ այլ տարածաշրջաններու մէջ տնտեսական համարկման առումով”,– աւելցուցած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարարը։
Նշենք, թէ Կալուզին նախապէս ալ յայտարարած էր, թէ ֆրանսական ինքնագնաց հրետանային CAESAR 155 միլիմեթրնոց համակարգերու մատակարարումը Հայաստանին կրնայ յանգեցնել իրավիճակի վատթարացման։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։