Search
Close this search box.

Ըստ Ռուսաստանի փոխվարչապետին՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջшփակումը կարելի է եռակողմ յայտարարութեան շրջանակին մէջ

Սեպտեմբեր 14-ին, Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսեյ Օվերչուք, որ նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ երթեւեկութեան ուղիներու ապաշրջափակման գծով եռակողմ աշխատանքային խումբի համանախագահն է, մայիսեան ջրհեղեղէն ետք վերանորոգուած երկաթուղիով մեկնած է Ալավերդի, ուր լրագրողներու հարցումներուն պատասխանած է։ Ան յայտարարած է, թէ տարածաշրջանային ապաշրջափակումը կարելի է 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ (Հայաստան, Ազերպայճան, Ռուսաստան) համաձայնութիւններու շրջանակին մէջ:

“Ռուսաստան միշտ պատրաստ է միանալու եւ օգնելու Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հոլովոյթին՝ մելնելով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան սկզբունքներէն”,– ըսած է ան։