Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի գլխաւորած տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու հաւաքներուն Հայաստանի իշխանութիւններու բացակայութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ հաստատած է, որ ԱՊՀ-ին, ՀԱՊԿ-ին եւ ԵԱՏՄ-ին անդամակցութիւնը դադրեցնելը ի շահ Հայաստանի չէ՝ աւելցնելով, որ «վերջապէս, այդ մէկը պետութեան ընտրութիւնն է»:
Ան դիտել տուած է, որ Փաշինեանի «բացակայութիւնները պայմանաւորուած են հայաստանեան գործընթացներով եւ կապ չունին այդ համարկումի միաւորումներուն հետ աշխատանքը դադրեցնելու հետ»:
“Հայաստանի մէջ Ղարաբաղի հարցով խրթին գործընթացներ տեղի կ՚ունենան: Մենք այդ բոլորը կը հասկնանք, բայց մենք չէ, որ հրաժարեցանք Ղարաբաղէն, այլ Հայաստանն է, որ Ղարաբաղը ճանչցաւ իբրեւ Ազերպայճանի մաս”,– նշած է Փութին՝ պնդելով, որ Երեւան իր այդ նախաձեռնութեան մասին նոյնիսկ տեղեակ չէր պահած Մոսկուան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։