Search
Close this search box.

Ըստ «Politico» թերթին՝ Ազերպայճանի յարձակումէն երկու օր առաջ Պոլսոյ մէջ գաղտնի բանակցութիւններ վարած են ԱՄՆ-ու, ԵՄ-ի եւ Ռուսաստանի դիւանագէտները

 

ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է լուրը

ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է Պոլսոյ մէջ Սեպտեմբեր 17-ին, այսինքն՝ Ազերպայճանի յարձակումէն երկու օր առաջ, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ Ռուսաստանի բարձրաստիճան դիւանագէտներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած բանակցութիւններու վերաբերեալ տեղեկութիւնը։

«Սեպտեմբեր 17-ին Պոլսոյ մէջ կայացած հանդիպումը նպատակ ունէր լուծելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական հրատապ կարիքներու հարցը: Միացեալ Նահանգներ յանձնառու է կողմերուն օգնելու՝ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերուն»,– հաղորդած է Նախարարութիւնը։

Արդարեւ, երկու օր առաջ «Politico» թերթը հաղորդած էր լուրը, նշելով, թէ սոյն գաղտնի արտակարգ բանակցութիւններուն մասնակցած են ԱՄՆ-ու կովկասեան բանակցութիւններու հարցով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօ, ԵՄ-ի կողմէ՝ Հարաւային Կովկասի ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, իսկ Ռուսաստանը ներկայացուցած է հայ-ազերպայճանական հակամարտութեան կարգաւորման հարցերու յատուկ բանագնաց Իկոր Խովաեւ։

Բանակցութիւններուն քաջատեղեակ բարձրաստիճան դիւանագէտ մը Politico-ին յայտնած է, թէ Սեպտեմբեր 17-ի հանդիպումը կայացած է Արցախի 9-ամսեայ շրջափակման վերջ դնելու նպատակով՝ Ազերպայճանի վրայ ճնշում գործադրելու փորձերու շրջանակին մէջ։

Տեղեկութիւնը նախապէս հաստատած էր նաեւ ռուսական կողմը։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնած էր, թէ իրենց դիմած են ԱՄՆ-ն եւ Եւրոպական Միութիւնը՝ հանդիպում ունենալու նախաձեռնութեամբ։