Search
Close this search box.

«Թաթոյեան» հիմնադրամ. «Ակնայի ճամբուն բացումը գոյաբանական սպառնալիք է Արցախի Հայերուն համար»

«Թաթոյեան» հիմնադրամը ստուգած է ազերպայճանական զինուած ուժերու տեղակայումները՝ Բերձորի միջանցքէն ու ճամբայէն մինչեւ Ստեփանակերտ եւ Ստեփանակերտէն ալ մինչեւ Ակնայ:

Ըստ այդմ, ներկայացուած քարտէսներուն վրայ յստակ նշուած են նաեւ այն վայրերը, ուր կը գտնուէին ճամբան շրջափակած ազերպայճանական կառավարութեան այսպէս կոչուած «բնապահ» գործակալները 2022 Դեկտեմբեր 12-էն մինչեւ 2023 Ապրիլ 23-ը:

Ստուգուած է նաեւ ազերպայճանական Կարմիր մահիկի կառքերուն վայրը:

«Այս քարտէսները եւ տեղակայումները անգամ մը եւս կ՚ապացուցեն, որ Բերձորի միջանցքը Արցախի Հայութեան ինքնութիւնը պահպանելու նշանակութիւն ունի։ Ակնայի ճամբուն բացումը գոյաբանական սպառնալիք է Արցախի հայերուն համար եւ չի կրնար այլընտրանք ըլլալ Բերձորի միջանցքին»,– նշուած է հիմնադրամի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։