Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամը կը հաղորդէ, թէ անհրաժեշտ է միջազգային համայնքը իրազեկ պահել Հայաստանի նկատմամբ Ազերպայճանի թշնամանքի քաղաքականութեան մասին, որ կը խաթարէ մեր անվտանգութիւնն ու կոպտօրէն կ՚ոտնահարէ միջազգայնօրէն երաշխաւորուած իրաւունքները։
«Օրինակ`
1. Տաւուշի մէջ Հայաստանի պետական սահմանի, այսպէս կոչուած, «սահմանազատման» հետեւանքով Ազերպայճանի զինուորները անօրէն կերպով կը յայտնուին մեր գիւղերու դրացնութեամբ, խաթարելով բնակիչներուն անվտանգութիւնը եւ կոպտօրէն խախտելով անոնց իրաւունքները:
2. Տաւուշի Կիրանց գիւղ տանող «այլընտրանքային» ճամբան անվտանգ չէ. գիւղը կը գտնուի ազերպայճանական թիրախի ներքոյ:
3. Ոսկեպարի 7-րդ դարու Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին յայտնուած է պետական սահմանին՝ ազերպայճանական անմիջական թիրախի տակ։
4. Ազատամուտ, Կայան, Այգեհովիտ, Վազաշէն, Ոսկեպար եւ այլ գիւղերու ճամբաները անվտանգ չեն, այդ գիւղերը կը գտնուին մեկուսացման վտանգի առջեւ։
5. Բնակիչներու տուները կը յայտնուին ազերպայճանական վերահսկողութեան տակ:
Զեկոյցը` մանրամասն փաստերով՝ tatoyanfoundation.org կայքին վրայ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։