Search
Close this search box.

Թաներ Աքչամ․ «Ազերպայճան կը ձգտի վտարելու Ղարաբաղի Հայերը»

Թուրք պատմաբան, ընկերաբան, ցեղասպանագէտ, ԱՄՆ-ու Քլարք համալսարանի դասախօս Թաներ Աքչամ, «Օրբելի» վերլուծական կեդրոնի հարցումին ի պատասխան, մեկնաբանած է Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։ Ան «դասական ցեղային զտման» քաղաքականութիւն որակած է Ազերպայճանի գործողութիւնները Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ։

“Այն դէպքերը, որոնք մեր աչքին առջեւ տեղի կ՚ունենան Արցախի մէջ, բացայայտ մարդկային ողբերգութիւն են, թէ՛ երկկողմ, թէ՛ միջազգային պայմանագրերու կոպիտ խախտում։ Իրավիճակը կարելի է գնահատել իբրեւ «դասական ցեղային զտման» քաղաքականութիւն։

Ազերպայճան՝ Թուրքիայէն եւս ստացած աջակցութեամբ կը ձգտի վտարելու Ղարաբաղի շրջանի բոլոր Հայերը եւ վերջ տալ Հայոց գոյութեան անոնց պատմական հողերուն վրայ։

Բաւական մեծ է հաւանականութիւնը, որ առայժմ միայն տնտեսական եւ երթեւեկութեան շրջափակումով սկսած նախաձեռնութիւնը ընդարձակուելով յանգի բռնութեան արարքներու։

Ցաւալին այն է, որ միջազգային հանրութիւնը՝ Ռուսաստանի գլխաւորութեամբ, կը լռէ ի տես այս զարգացումներուն եւ կը գոհանայ մի՛այն դիտելով։ Իմ ամբողջ յոյսը այն է, որ միջազգային հանրութիւնը կ՚արթննայ իր խոր քունէն եւ Ազերպայճանի վրայ ճնշում գործադրելով՝ միջնորդ կ՚ըլլայ լուծման համար, որ կ՚երաշխաւորէ Ղարաբաղի Հայերու հիմնական մարդկային իրաւունքները։

Մարդկային իրաւունքները պաշտպանելը եւ անիրաւութիւնները կանխելը ամէն ինչ աւարտելէ ետք բացուող հովանոց չէ։ Ցեղային զտումները եւ/կամ ցեղասպանութիւնները կանխելը կոկորդիլոսի արցունքներ թափել չէ, երբ տեղի կ՚ունենան սարսափելի բաներ։ Եթէ ցանկանութիւն կայ, որ ի յայտ չգան մեծ ողբերգութիւններ, առաւել աշխուժ միջամտութիւնը պարտադիր է։

Կը յուսամ, որ անհրաժեշտ միջազգային ճնշումով եւ երկկողմ հանդիպումներով առկայ իրավիճակը կը հանգուցալուծուի։ Մեր սիրտը, մեր հոգին Ղարաբաղի ժողովուրդին հետ է, որ դէմ-յանդիման կը գտնուի լուրջ սպառնալիքներու”,– նշած է թուրք մտաւորականը։