Search
Close this search box.

ԹԵՀՐԱՆ. «Մատենադարանի ղաջարական արուեստի նմուշները» գիրք-ալպոմի շնորհահանդէսը

Յունիս 28-ին, Թեհրանի «Արտակ Մանուկեան» ազգային թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է Երեւանի Մատենադարանի Արեւելագիտութեան բաժնի աւագ գիտաշխատող Իւետ Թաջարեանի՝ «Մատենադարանի ղաջարական արուեստի նմուշները» գիրք-ալպոմի շնորհահանդէսը։ Գիրքին մէջ տեղ գտած են թիւով 20 ձեռագրերէն շուրջ 100 մանրանկարներ եւ խէժապատ ստեղծագործութիւններ, որոնք լաւապէս կը պատկերեն ղաջարական ժամանակաշրջանի իրանական մանրանկարչութեան ինքնատպութիւնը:

Հեղինակը ելոյթ ունենալով հաղորդած է, որ հայերէնով, անգլերէնով եւ պարսկերէնով լոյս տեսած եռալեզու սոյն աշխատութեամբ հաւաքագրուած է Մատենադարանի մէջ առկայ Իրանի ղաջարական ժամանակաշրջանի նկարազարդ լաւագոյն ձեռագրերէն ծաղկաքաղ մը: Գիրքը հրատարակուած է Ռուսաստանէն «Վիկտորիա» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ եւ Գայիանէ Գէորգեանի ջանքերով:

Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկած է Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեան: Ան շեշտելով կատարուած աշխատանքին կարեւորութիւնը, այդ գիրքը բացայայտ օրինակը համարած է Իրան-Հայաստան մշակութային եւ պատմական սերտ կապերուն ու արժեւորած Իրանի մէջ հայկական կոթողներու նկատմամբ կառավարութեան անվերապահ ուշադրութիւնը, ընդգծելով, որ թէ՛ արեւմտեան Հայաստանի, եւ թէ՛ այսօր Արցախի մէջ ցաւօք՝ Թուրքերն ու Ազերպայճանցիները կ՚աւերեն հայկական մշակութային ժառանգութիւնը: 

Սրբազան Հայրը բարձր գնահատած է հեղինակին աշխատանքը: