Յուլիս 4-ին, Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցած են Իրանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներ Ճեյհուն Պայրամով եւ Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահիան։ Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին Իրանի նախարարը յայտարարած է, թէ երկկողմ բանակցութիւններու շրջանակին մէջ քննարկուած է Արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցը: Լուրը հաղորդած է Mehr գործակալութիւնը:
«Մենք համաձայն ենք, որ հարցերը լուծուին կողմերու հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան յարգանքի հիման վրայ, երկխօսութեան ու դիւանագիտութեան միջոցով»,– ընդգծած է իրանի դիւանագէտը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։