Search
Close this search box.

ԹԵՆԻՍ – Ուքրաինացի խաղացողը մերժած է սեղմել Էլինա Ավանէսեանի ձեռքը

Էլինա Սվիթոլինա

Օգոստոս 22-ին, ի հաշիւ Սինչինաթիի թենիսի մրցաշարքի աղջկանց 1/8-րդ աւարտականներուն՝ դէմ-դիմաց եկած են վերջերս ռուսականէն հայաստանեան հպատակութեան անցած Էլինա Ավանէսեան եւ ուքրաինացի Էլինա Սվիթոլինա։

Մրցումը աւարտած է 6-4, 6-3 ուքրաինացիին յաղթանակով։ 

Սակայն այս չէ լրատւութեան յատկանշական բաժինը։ Արդարեւ, մրցումի աւարտին, հակառակ ընկալեալ սովորութեան՝ ուքրաինացին մերժած է սեղմել Ավանէսեանի ձեռքը, ենթադրաբար զայն ռուս համարելով։ (Կա՛մ Ավանէսեանի հպատակութիւն փոխելու լուրը դեռ չէ հասած անոր ականջին, կա՛մ ալ «անշեղ» կը մնայ իր հակառուս մօտեցումին մէջ)։ 

Ուքրաինացիին այս կոշտ վերաբերումը լայն շրջանակներու քննադատութեան եւ այպանումին թիրախ դարձած է։

Իսկ վերջերս Հայաստանի քաղաքացի դարձած Ավանէսեան, ի տարբերութիւն լիրբ մրցակցին՝ իր անունը կ՚արձանագրէ պատմութեան էջերուն մէջ, քանի որ ան կը դառնայ միջազգային մեծ մրցաշարքերու՝ Հայաստանի դրօշին ներքեւ յաղթանակներ արձանագրած առաջին թենիս խաղացողը։   

Էլինա Ավանէսեան