Վիրահայոց թեմի, «Վրաստանի հայ համայնք» եւ «Միասին» հասարակական կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ՝ «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ կազմակերպուած մարդասիրական օգնութիւնը Հոկտեմբեր 19-ին Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս եպիսկ. Դաւթեանի գլխաւորութեամբ եւ Թիֆլիսի հայկական քանի մը կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ անդամներու մասնակցութեամբ, բաժնուած է Հայաստանի Լոռիի մարզի Փամբակ համայնքի 10 գիւղերուն մէջ առժամեայ ապաստան գտած 42 ընտանիքի:
Թիֆլիսահայութեան կողմէ ընտանիքներուն յատկացուած է գումար, իսկ անչափահաս երեխաներուն՝ նուէրներ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։