Search
Close this search box.

ԹԻՖԼԻՍ – Հայաստան եւ Վրաստան ստորագրած են ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագիր մը

Յունուար 26-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Վրաստան։ Ան նախ գլուխ-գլխի հանդիպում ունեցած է իր պաշտօնակից Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ։ Կողմերը քննարկած են երկու երկիրներու քաղաքական ու տնտեսական կապերու զարգացման առնչուող հարցեր։ Անոնք միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներու շուրջ։ Նիկոլ Փաշինեան իր վրացի պաշտօնակցին տեղեկացուցած է Ազերպայճանի հետ յարաբերութտւններու կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի ձեռնարկած քայլերու մասին․ “Ռազմաշունչ և առաւելապաշտական հռետորաբանութիւնը չի նպաստեր կարգաւորման հոլովոյթին։ Կը յուսամ Ազերպայճանի նախագահական ընտրութենէն ետք բանակցութիւնները կը շարունակուին արդէն իսկ համաձայնութեան արժանացած եւ ծանօթ սկզբունքներու հիման վրայ՝ խաղաղութեան պայմանագրի մշակումը իր աւարտին հասցնելու համար”,– նշած է ան։

Նոյն օրը տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի յաջորդական նիստը, որու ընթացքին, ի միջի այլոց, քննարկուած են Հարաւային Կովկասի առեւտրային եւ երթեւեկութեան կապուղիներու ապաշրջափակման եւ նոր հաղորդակցութիւններու ստեղծման կարելիութիւնները։ 

Նիստի աւարտին ստորագրուած է ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագիր մը։

“Այս ձեռքբերումը վերջին քանի մը տարիներուն մեր համատեղ ջանքերուն եւ աշխատանքին արդիւնքն է եւ կը ցոլացնէ մեր ընդհանրութիւններն ու նպատակասլացութիւնը”,– հռչակագրին կապակցութեամբ յայտարարած է Հայաստանի վարչապետը։