Search
Close this search box.

ԹԻՖԼԻՍ – Ճեյհուն Պայրամով. «Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ տակաւին կը մնան տարածքային պահանջներ՝ Ազերպայճանի հանդէպ»

Յունիս 27-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայ­րա­մով Թիֆլիսի մէջ Վրաստանի իր պաշտօնակցին հետ ունեցած մամ­լոյ ասու­լիսին յայտարարած է, թէ «Հայաստանի հետ խաղաղութեան համա­ձայ­նա­գրի բնագրին մէջ յառաջընթաց կայ։ Առկախ մնացած հարցերու թի­ւը զգալիօրէն պակսած է, սակայն Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ տա­կա­ւին կը մնան տարածքային պահանջներ՝ Ազերպայճանի հանդէպ, որ մեր կարծիքով ամէնէն լուրջ խոչընդոտն է գործընթացը աւարտելու ճամբուն վրայ»։

Միւս կողմէ, նոյն օրը Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան յայտարարած է, թէ «Ազերպայճան չի կրնար պահանջ ներկայացնել Հայաստանին՝ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան հետ փոխկապակցելով»։ Ան վերահաստատած է Հայաստանի կեցուածքը, թէ տարածաշրջանին մէջ պէտք է հաստատուի խաղաղութիւն։