Search
Close this search box.

Թշնամին կրակ բացած է հայկական մարտական յենակէտերու ուղղութեամբ

Վիրաւորուած է հայ զինուոր մը

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ Մայիս 21-ի յետմիջօրէին ազերպայճանական ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ազերպայճանական սահմանի արեւելեան կողմը հաստատուած ՀՀ զինեալ ուժերու մարտական յենակէտերուն ուղղութեամբ, որու հետեւանքով վիրաւորուած է հայ զինուոր մը։ Անոր բժշկական օգնութիւն ցուցաբերուած է եւ վիճակը կայուն է։

Պատասխան գործողութիւններով հակառակորդին կրակը լռեցուած է։