Search
Close this search box.

Թումոյի պատասխանատուներուն հանդիպումը Գիւմրիի բնակչութեան հետ

 

Հոկտեմբեր 26-ին, Թումօ-Գիւմրիիի մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում՝ Գիւմրիի բնակիչներուն եւ շուկայի վաճառողներուն հետ՝ Գիւմրիի շուկայի եւ խոհարարական դպրոցի նախագիծի շրջանակին մէջ:  

Բացման խօսքով հանդէս եկած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) դեսպան Վասիլիս Մարակոս՝ շեշտելով ԵՄ-ի աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացուող նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը, ներառեալ՝ Թումոյի հետ համագործակցութեամբ իրագործուող ծրագրերը: 

Այնուհետեւ նախագիծի տեսլականը, նպատակներն ու մանրամասնութիւնները ներկայացուցած են Թումոյի գործադիր տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեան, զարգացման հարցերու տնօրէն Բեկոր Փափազեան եւ նախագիծի ղեկավար Հիւլէ Քէշիշեան: 

Հանդիպման մասնակիցները կարելիութիւն ունեցած են ուղղելու զիրենք հետաքրքրող հարցումներ եւ ներկայացնելու առաջարկներ: