Search
Close this search box.

Թումօն 13 տարեկան է

Թումոյի բացումը, 2011 Օգոստոս 14-ին

Թումօ կեդրոնը իր հիմնադրութեան 13-ամեակին առիթով հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, ուր յատկապէս նշուած է.

«Օգոստոս 14-ին լրացաւ Թումոյի 13-րդ տարեդարձը: 13 տարի առաջ այս նոյն օրը Երեւանի մէջ բացուեցաւ առաջին Թումօ կեդրոնը՝ նպատակ ունենալով ստեղծել կեանքեր վերափոխող ուսումնական փորձառութիւններ՝ լայն մասշտաբով:

Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեանի երազանքով սկսածը վերածուեցաւ համաշխարհային կրթական ցանցի, որ արդէն ունի 10 միջազգային կեդրոն եւ շուտով կը բացուին նորերը: Մարի Լու եւ Բեկոր Փափազեանի հետ միասնաբար անոնք կը պատկերացնէին կրթական միջավայր մը, ուր պատանիները՝ անկախ ծագումէն եւ հանգամանքներէն, պիտի կարողանային բացայայտել իրենց ներուժը եւ տնօրինել իրենց ուսումնական գործընթացը: Այս տարիներու ընթացքին միայն հայաստանեան Թումօ կեդրոններու եւ տուփերու մէջ ուսանած են 130.000 պատանիներ:

Թումօն ոչ միայն կրթական կեդրոն մըն է, այլեւ համայնք: Մեր գործունէութիւնը սահման չի ճանչնար։

– Թուայնացման միջոցով Թումօն ունի աւելի քան 200 հայկական կոթողներ ներառող արխիւ: 

– Յառաջիկայ տարիներու ընթացքին կը նախատեսենք թուայնացնել շուրջ 500 յուշարձան:

Թումոյի 13-րդ տարեդարձին առթիւ կ՚ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել մեր գործընկերներուն, նուիրատուներուն եւ աջակիցներուն: Ձեր ներդրումները կարեւոր դեր ունեցած են կրթական ապագայի կերտման մէջ:

Մենք յանձնառու ենք ընդլայնելու մեր ցանցը՝ նպատակ ունենալով հիմնել 16 կեդրոն և 110 տուփ, ուր  ամէն շաբաթ 80.000 պատանիներ Հայաստանի բոլոր անկիւններէն նորարարական կրթութիւն ստանալու կարելիութիւն կ՚ունենան»: