Մարտ 11-ին, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) դեսպան Վասիլիս Մարակոս եւ Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան ստորագրած են համաձայնագիր մը, որու համաձայն՝ ԵՄ-ը կը տրամադրէ 2,5 միլիոն եւրօ՝ Գիւմրիի հին շուկայի վերակառուցման, միջազգային խոհարարական դպրոցի հիմնադրման եւ տնտեսական զարգացման խթանման ուղղուած երկարաժամկէտ ծրագրի իրականացման համար:
«Գիւմրիի շուկայ եւ խոհարարական դպրոց» ծրագրին նպատակն է քաղաքը դարձնել զբօսաշրջութեան եւ խոհարարութեան տարածաշրջանային կեդրոն՝ մէկտեղելով հայկական խոհանոցի ժառանգութիւնն ու նորարարական մօտեցումները:
Ծրագրին հիմնասիւնը միջազգային մակարդակի կրթութիւն ապահովող խոհարարական դպրոցն է, որու ուսումնական ծրագրի մշակման նպատակով Թումօ կը համագործակցի հեղինակաւոր Institut Lyfe ֆրանսական դպրոցին հետ (նախապէս՝ Institut Paul Bocuse)՝ Հայաստան բերելով խոհարարական կրթութեան լաւագոյն փորձառութիւնն ու միջազգայնօրէն ճանչցուած մօտեցումները: Աւելի՛ն, երկամեայ կրթական ծրագիրը աւարտած լաւագոյն ուսանողները առիթ կ՚ունենան իրենց ուսումը շարունակելու Institut Lyfe-ի մէջ, որ կը գտնուի Լիոն։
“Հայ խոհարարներու նոր սերունդի զարգացման նպատակով կը ստեղծուի իւրայատուկ կրթական փորձառութիւն, ուր ֆրանսական աշխարհահռչակ դպրոցի ուսումնական ծրագիրը կ՚ամբողջանայ Թումոյի՝ արդէն Հայաստանի մէջ փորձուած մօտեցումներուն հետ: Ուսանողները հիմնական ուսուցումը կը համատեղեն միջազգային փորձագէտներու կողմէ իրականացուող աշխատանոցներուն հետ”,– նշած է Մարի Լու Փափազեան:
Դպրոցին մէջ բարձրակարգ խոհարարական հմտութիւններ ձեռք ձգելու հնարաւորութիւն կ՚ունենան տարեկան 30 ուսանողներ, որոնց մեծ մասը կը ստանայ կրթաթոշակ եւ կը սորվի անվճար:
“Այս ծրագիրը նոր էջ մը կը բանայ Գիւմրիի տնտեսութեան համար: Տեղւոյն բնակիչներուն, յատկապէս երիտասարդներուն եւ ձեռներէցներուն նոր հմտություններ եւ կարելիութիւններ տրամադրելով՝ մենք կ՚օգնենք Գիւմրիին ի գործ դնելու իր հսկայական ներուժը: ԵՄ-ը հպարտ է աջակցելով նման նախաձեռնութիւններու, որոնք կը զարգացնեն ու կը խթանեն տնտեսութիւնը Հայաստանի մարզերուն մէջ: Շնորհակալութիւն Թումոյին եւ Գիւմրիի քաղաքապետարանին՝ ծրագրի իրագործման ուղղուած համագործակցութեան համար”,– ըսած է դեսպան Մարակոս:
Ծրագիրը կ՚իրագործուի Գիւմրիի հին շուկայի տարածքին մէջ. Տարիներէ ի վեր լքուած եւ գրեթէ ամբողջութեամբ աւերուած շուկայի շէնքը Թումոյի կողմէ կը վերակառուցուի, եւ շուկան կը վերածուի կրթական, խոհարարական ու տնտեսական զարգացման հանգոյցի, ուր ի շարս խոհարարական դպրոցի, կը տեղակայուին.
Ի յաւելումն ԵՄ-ի գանձատրման, ծրագիրը կ՚իրագործուի նաեւ Թումոյի աջակիցներ Ճուտիթ Սարեանի եւ Վիկտոր Զարուգեանի, ինչպէս նաեւ Ճոն եւ Յասմիկ Մկրտիչեան հիմնադրամի (JHM) աջակցութեամբ:
Յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին կը յայտարարուի միջազգային ճարտարապետական մրցոյթ՝ ընտրելու համար այն խումբը, որ պիտի ստանձնէ կեդրոնի կառուցման աշխատանքները, որոնք կը սկսին խումբին ընտրութենէն անմիջապէս յետոյ՝ մինչեւ այս ամառ։
Շուկայի եւ խոհարարական դպրոցին բացումը նախատեսուած է 2026-ին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։