Search
Close this search box.

ԹՈՒՐՔԻԱ – Այնթապի մէջ իսլամաց(ու)ած հայերու մասին ֆիլմ ցուցադրուած է

Այնթապի մէջ կազմակերպուած կարճ ֆիլմերու փառատօնի ծիրէն ներս ցուցադրուած է նաեւ Նակեհան Ուսքանի «Գողտրիկ տուն Ատանա» (‘Sweet Home Adana’) վաւերագրական ժապաւէնը, որու հիմնական նիւթը իսլամաց(ու)ած հայութիւնն է։

Լուրը կը հաղորդէ Akunq.net՝ հիմնուելով Artıgerçek լրասփիւռի մէջ տեղ գտած տեղեկութեան վրայ։

Աղբիւրին համաձայն՝ «Նար» արուեստի միութեան եւ «Տերսիմի նոր օր»-ի համագործակցութեամբ արդէն երրորդ անգամ կազմակերպուած փառատօնին առաջին անգամ ցուցադրուած է նաեւ Նակեհան Ուսքանի «Գողտրիկ տուն Ատանա» ֆիլմը, որու առանցքին բռնի իսլամացուած հայ կնոջ մը պատմութիւնն է։

Այս ֆիլմի ցուցադրութենէն ետք, բեմադիրը պատասխանած է հանդիսատեսներու հարցումներուն եւ տեղեկութիւններ հաղորդած ժապաւէնին նկարահանման աշխատանքներուն մասին։ Ան մասնաւորապէս, նշած է․

«27 տարեկան էի, երբ իմացայ, որ մօրենական տատս հայ է։ Իրականութեան մէջ, երբ առաջին անգամ Ատանա գացի, նման վաւերագրական ֆիլմ նկարահանելու միտում չունէի։ Առանձնապէս հետաքրքրուած չէի իմ անձնական պատմութիւնը ներկայացնելով, քանի բարդ բան մըն էր։ Հայկական հարցը ինծի համար միշտ քաղաքական կողմ ունեցած է։ Այս ժապաւէնին մէջ ալ իմ արեան կապը առաջին տեղը չի գրաւեր։ Ըստ էութեան, այդ պատմութիւնը առանձնապէս գեղեցիկ ալ չէ։ Նմանատիպ շատ պատմութիւններ կան։ Կ՚ըսեն, թէ այդպէս իսլամաց(ու)ած 4 միլիոն հայ կ՚ապրի Թուրքիոյ մէջ ։ Սա ոչ միայն իմ, այլ՝ միլիոնաւոր մարդոց պատմութիւնն է»։