Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող դիւանագիտական խորհրդաժողովի շրջանակին մէջ, Մարտ 1-ին հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Հաքան Ֆիտան։ Սոյն հանդիպումին մասնակցած են նաեւ երկու յատուկ բանագնացներ՝ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըչ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը եւ վերահաստատած այդ ուղղութեամբ յստակ քայլերու դիմելու իրենց պատրաստակամութիւնը։
Նախարարները անդրադարձած են նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային շարք մը հարցերու։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։