Search
Close this search box.

Թուրքիա դժգոհ է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ Արեւմուտքի կեցուածքէն

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան՝ Ազերպայճանի կողմէ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքին մէջ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան համաժողովին մասնակցող երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին յայտարարած է, թէ Թուրքիա դժգոհ է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ Արևմուտքի կեցուածքէն։

“Մենք անկեղծօրէն կը յուսանք, որ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ բանակցային գործընթացը կը յանգեցնէ խաղաղութեան համաձայնագրին շուտափոյթ ստորագրութեան։ Այս համածիրին մէջ մենք յատկապէս բարձր կը գնահատենք Ազերպայճանի ամուր վճռականութիւնը եւ դրական մօտեցումը այս համաձայնագրի կնքման հարցին մէջ։ Բայց մենք դժգոհ ենք արեւմտեան որոշ երկիրներու անհաւասարակշիռ վերաբերումէն, որոնք բացայայտօրէն նախապատւութիւնը կու տան Հայաստանին եւ կ՚անտեսեն Ազերպայճանի մտահոգութիւնները։ Մենք՝ իբրեւ թրքական աշխարհ, կը փափաքինք, որ այս գործընթացը յաջող աւարտ ունենայ”,– ընդգծած է Ֆիտան, աւելցնելով.

“Պատմական առիթ ստեղծուած է  Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու համար, որ դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ միջազգային փոխադրական կարողութիւններու վրայ”։