Search
Close this search box.

ԹՈՒՐՔԻԱ–ԻՐԱՆ – Էրտողան եւ Ռայիսի քննարկած են նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութիւնը

Ըստ թրքական պետական հեռատեսիլի հաղորդման, Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահներ Ռեճեպ Թայիփ Էրտողան եւ Իպրահիմ Ռայիսի Յունուար 24-ին Անգարայի մէջ ունեցած բանակցութիւններու ընթացքին, ի շարս այլ հարցերու, քննարկած են նաև Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութիւնը։

Նոյն աղբիւրը կը տեղեկացնէ, թէ բանակցութիւններու աւարտին Էրտողան յայտարարած է, որ Իրանի նախագահին հետ համաձայնութիւն գոյացած է քայլերու ձեռնարկելու երկկողմ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալը 30 միլիառ տոլարի հասցնելու համար։