Պոլսոյ մէջ, վերջին օրերուն, հակահայ յաջորդական երկու դէպքեր արձանագրուած են,– մէկը՝ աւելի ծանրակշիռ,– որոնք մեծ յուզում յառաջացուցած են տեղւոյն հայ համայնքին մէջ։
Նախ, Յուլիս 20-էն 21-ի գիշերը, քաղաքին՝ երբեմնի հայահոծ եւ հայկական Նառլըգափը թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի նախկին սանուց միութիւնը,– որ կը գտնուէր վերանորոգման ընթացքի մէջ եւ ուր աշխատանքները գրեթէ հասած էին իրենց աւարտին,– յարձակման ենթարկուած է։ Անծանօթներ հոն մտած ու գողցած են համակարգիչներ, հեռարձակման (projection) գործիք մը եւ անոր մեծ պաստառը, ինչպէս նաեւ այլ գործիքներ ու իրեր։ Չարագործները այդքանով ալ չգոհանալով՝ կոտրած-թափած են ամէն ինչ։
Իսկ յաջորդ օր՝ Յուլիս 22-ին Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սպասաւորներէն 21-ամեայ Առլէն Տեմիրհան ենթարկուած է յարձակման ու բաւական ծանրօրէն վիրաւորուած է։ Պարզուած է, որ փողոցը ծագած վիճաբանութեան մը հետեւանքով Առլէնին վրայ յարձակած է չորս հոգի։ Անոնք հայ երիտասարդը անխնայ ծեծած են՝ իրենցմէ մէկուն կնոջ իբրեւ թէ «ծուռ նայած» ըլլալուն համար։ Հայ երիտասարդը բաւական ծանր վիճակի մէջ փոխադրուած է հիւանդանոց, ներքին գործարանները լրջօրէն վնասուած ըլլալով։
Իրաւապահ մարմինները հետաքննութեան ձեռնարկած են երկու դէպքերուն համար։ Տեմիրհանի վրայ յարձակած չորս հոգիէն միայն մէկը ձերբակալուած է եւ ան ալ ազատ արձակուած է դատական վերահսկողութեան տակ պահուելու պայմանով։
Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլան հայ երիտասարդին ենթարկուած յարձակման կապակցութեամբ իր թուիթըրեան հաշիւին կատարած է գրառում մը, ուր արարքին դրդապատճառը որակած է «ցեղապաշտական»։
«Յարձակողներուն՝ 45 քիլօ կշռող Առլէնը սպանելու նպատակով ծեծած ըլլալը, իսկ մեղաւորներուն անպատիժ մնալը զիս կը ստիպեն կասկածելու, որ կատարուածը ատելութեան հիմքով յանցագործութիւն է։ Առլէնը հա՞յ ըլլալուն համար ծեծած են»,– գրած է Փայլան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։