Search
Close this search box.

ԹՈՒՐՔԻԱ – Հայ անդամներ՝ քաղաքապետական խորհուրդներու մէջ

 

«Նոր Մարմարա» – Մարտ 31-ի տեղական մարմիններու ընտրութիւններուն մէջ ներգրաւուեցան նաեւ Թուրքիոյ հայ համայնքէն ներկայացուցիչներ՝ քաղաքապետական խորհուրդներուն մաս կազմելու համար: Անոնք թեկնածու առաջադրուեցան զանազան կուսակցութիւններու կողմէ եւ հիմա ահաւասիկ, անոնցմէ մէկ քանին աթոռ ունին ծառայութեան նոր շրջանին:

Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր եւ Մարգարիտ Տիքմէ Ճէ-Հէ-Փէ կուսակցութեան ցանկերէն դարձած են Շիշլիի ու Պաքըրգիւղի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ:

Վերջին տուեալներու համաձայն Արէտ (Իպրահիմ) Թիւրքայն ալ որպէս տիյարպաքըրցի, իրաւունք շահած է մաս կազմելու մայր քաղաքապետութեան քաղաքապետական խորհուրդին: Անոր թեկնածութիւնը առաջադրուած էր ՏԷՄ կուսակցութեան կողմէ:

Քրիստին Շէնկալ որպէս պահեստի անդամ ներգրաւուած էր Պէյլիքտիւզիւի քաղաքապետական խորհուրդի թեկնածուներու ցանկին մէջ եւ ահաւասիկ ան նոյնպէս ընտրուած է:

Գալով անոնց, որոնք չընտրուեցան: Արամ Տէմիր եւ Մանուկ Էօղէր քաղաքապետական խորհուրդի անդամ առաջադրուած էին Ա-Քէ-ՓԷ կուսակցութեան, Ալէն Օհաննէսեան՝ Աշխատաւորական կուսակցութեան կողմէ: Որպէս պահեստի անդամ Ֆաթիհ քաղաքամասէն ներս քաղաքապետական խորհուրդի անդամութեան թեկնածու առաջադրուած էր Գէորգ Էօզգարակէօզ, որ նոյնպէս չընտրուեցաւ: Կղզիներու քաղաքապետութեան մէջ ՏԷՄ կուսակցութեան թեկնածուներու ցանկի առաջին անունը Քրիստին Սելեքմանն էր, իսկ Աշխատաւորական կուսակցութեան մէջ՝ Սեւան Մուրատեանը, որոնք երկուքն ալ չընտրուեցան: