Անցեալ տարի Թուրքիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած եւ ըստ պաշտօնական աղբիւրներու՝ 57 հազար հոգիի մահուան պատճառ դարձած երկրաշարժի տարելիցն է։
Այս առթիւ, աղէտէն ամէնէն շատ տուժած քաղաքներէն Հաթայի մէջ մեծ հսկում մը կազմակերպուած է, աւելի քան 10.000 հոգիի մասնակցութեամբ։ Ամբոխին մէջ ինքնաբուխ ցոյց մը ծայր առած է։ Ցուցարարները իրենց վրդովումը յայտնած են ի տես իշխանութեանց կողմէ իրենց քաղաքին նկատմամբ ցուցաբերուող խտրական վերաբերումին։ Անոնք կառավարութեան դէմ լոզունգներ վանկարկած են։
Կ՚արժէ նշել, որ Հաթայը այն քաղաքն է, ուր մեծ թիւ կը կազմեն Ալեւիները եւ զանազան այլ փոքրամասնութիւններ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։