Search
Close this search box.

ԹՈՒՐՔԻԱ – Վարդան ծ.վրդ. Գազանճեան՝ «Պատրիարքական կառավարիչ» Հայ կաթողիկէ համայնքի

Ինչպէս հաղորդած էինք, Լեւոն արք. Զէքիեան հրաժարած էր պաշտօնէն՝ տարիքի բերումով։ Արտակարգ սինիդոսի աւարտին եւ ի հետեւումն Լեւոն արք. Զէքիեանի առաջնորդական գործունէութեան ու հրաժարականին, նախագահութեամբ Հայ կաթողիկէ Տանն Կիլիկիոյ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքի եւ մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսական դասու անդամ հայրերուն, Վարդան ծ. վրդ. Գազանճեան նշանակուած է Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց «Պատրիարքական կառավարիչ»։