Search
Close this search box.

ԹՈՒՐՔԻԱ. Փայլան խորհրդարանին մէջ արծարծած է Արամ Տիգրանի աճիւնը Տիգրանակերտ փոխադրելու հարցը

Երեսփոխան Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ արծարծած է նշանաւոր հայ երգիչ Արամ Տիգրանի (բուն անունով՝ Արամ Մելիքեան) աճիւնը Աթէնքէն Տիգրանակերտ փոխադրելու հարցը։

Փայլան իր հարցադրումը ուղղած է Թուրքիոյ Մշակոյթի նախարարին։ Ան շեշտած է, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ սիրուած երգիչ Արամ Տիգրանի փափաքը եղած է թաղուիլ Տիգրանակերտ, սակայն անոր մահէն 13 տարի ետք թրքական իշխանութիւնները դեռ չեն արտօներ անոր աճիւնը փոխադրել Թուրքիա եւ յուղարկաւորել Տիգրանակերտի մէջ։

Նշենք որ Արամ Մելիքեան Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջանին մէջ, նաեւ Սուրիոյ Քամիշլիի Ասորիներէն շատ սիրուած երգիչ մըն էր իր քրտերէն երգերով։ Ծանօթ էր Արամ Տիգրան անունով։