Պոլսոյ Թուզլա արուարձանին մէջ հայ մանուկներու համար հայրենի օճախ դարձած «Քամփ Արմէն» որբանոցի վերանորոգումը կը սկսի յառաջիկայ Հոկտեմբերին։ Այս ճամբարին մէջ, ուր միաժամանակ 100 պատանի կրնայ մնալ, ծրագրուած է ստեղծել նաեւ մշակութային կեդրոն ու գրադարան։
Լուրը կը հաղորդէ Akunq.net՝ յղում ընելով թրքական «Քրոնոս» կայքին հրապարակած տեղեկութեան։
Աղբիւրին համաձայն՝ հայ մանուկներու համար 1962-ին Թուզլայի մէջ կառուցուած «Քամփ Արմէն» որբանոցի վերանորոգումը կը կատարուի Ամերիկայի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան աջակցութեամբ։
Աղբիւրը նաեւ կը յիշեցնէ, որ այս ճամբարը անցած է «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի եւ իր ապագայ կնոջ Ռաքէլի մանկութիւնը։
Նշենք, թէ թրքական պետութիւնը քանի մը տարի առաջ փորձեց քանդել այս որբանոցը։ Սակայն պոլսահայ համայնքին, ի մասնաւորի «Զարթօնք» երիտասարդական շարժումի ջանքերուն եւ պայքարին շնորհիւ որբանոցի սեփականութեան վկայականը յանձնուեցաւ Կետիկփաշայի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրամին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։