Ամերիկեան «Global Firepower» վերլուծական ընկերութիւնը հրապարակած է զեկոյց մը, ուր արձանագրուած են 2025-ին աշխարհի ամէնէն զօրաւոր բանակ ունեցող երկիրներուն անունները:
Զեկոյցը նկատի առած է երկիրներու ռազմական ներուժը հետեւեալ չափանիշերով. ռազմական ուժերը, զինուորներու թիւը, ռազմական ամավարկը, ռազմօդային եւ ռազմածովային ուժը, լոժիսթիք կարելիութիւնները, արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը եւ շուրջ վեց տասնեակ այլ չափանիշեր:
Առ այդ ԱՄՆ կը գրաւէ ամէնէն զօրաւոր բանակ ունեցող երկիրներու ցանկին առաջին տեղը, որուն կը յաջորդեն Ռուսաստանն ու Չինաստանը: Թուրքիա կը գրաւէ է 9-րդ տեղը։
Նշենք, թէ զեկոյցին մէջ տեղ գտած են նաեւ Իրան, Յունաստան եւ Հայաստան, որոնք կը գրաւեն յաջորդաբար 16, 30 եւ 91-րդ տեղերը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։