Search
Close this search box.

ԹՈՒՐՔԻԱ. «Disney+» կը յօժարի Հայոց ցեղասպանութեան եւ կարգ մը այլ նիւթերու գրաքննութեան ենթարկուիլ

Վերջին տարիներուն Թուրքիոյ Ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի բարձրագոյն խորհուրդը (RTÜK) թուային հարթակներուն կոչ կ՚ընէ արտօնագիր ստանալու համար դիմելու եւ Թուրքիոյ մէջ գրասենեակներ բանալու, հակառակ պարագային կը սպառնայ, որ վերջիններուս դէմ պատիժներ պիտի կիրարկէ։ 

Այս կոչին արդէն ընդառաջած են Netflix-ը եւ MUBI-ն, բայց դեռ ոչ՝ շուրջ 130 միլիոն օգտատէր ունեցող ամերիկեան «Disney+» թուային հարթակը, որ ընթացիկ տարուան Յունիս 14-էն ի վեր սկսած է հաղորդում կատարել Թուրքիոյ մէջ եւս։  Այդ թերացումը մասամբ «սրբագրելու» եւ մա՛նաւանդ արտօնագիր ձեռք ձգելու համար,– անկասկած թաքուն կարգադրութեամբ,– «Disney+» ընդունած ըլլալ կը թուի շարք մը ծանրակշիռ զիջումներ՝ ընդդէմ թրքական պատկան մարմիններուն։

Այսպէս, «Disney+»-ի ղեկավարութիւնը ազդարարական նամակ մը յղած է ենթագրերու թուրք թարգմանիչներու ելեկտրոնային հասցէներուն: Նամակին մէջ նշուած է թէ՝ տուեալ տեսանիւթի մը մէջ եթէ թարգմանիչները նկատեն որ կ՚արծարծուին Հայոց ցեղասպանութիւն, Իսլամի նիւթեր, քրտական հարց, Կիպրական խնդիր, կամ՝ նկարահանումներուն մէջ ներգրաւուած են LGBTIQ+ համայնքի անդամներ եւ կամ՝ Էրտողան կը ներկայացուի իբր բռնապետ, պէտք է անմիջապէս տեղեակ պահեն «Disney+»-ի Թուրքիոյ պատասխանատուները։ Այս կարգադրութիւնը եղած է վստահաբար իսկոյն անհրաժեշտ գրաքննութիւնը կատարելու նպատակով։