Search
Close this search box.

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ. «Հայաստանի եւ Ազերպայճանի խնդիրը կապուած է ոչ թէ Հայաստան ապրող Հայութեան, այլ՝ հայկական Սփիւռքին հետ»

ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ յայտարարած է, թէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի խնդիրը կապուած է ոչ թէ Հայաստան ապրող Հայերուն, այլ՝ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի հայկական Սփիւռքի եւ այս տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն չկամեցող շրջանակներու հետ՝ աւելցնելով, թէ Հայաստան՝ Ազերպայճանի հետ խաղաղ ապրելէն բացի այլընտրանք չունի, իսկ Ազերպայճան կ՚ուզէ իր յարաբերութիւնները կարգաւորել Հայաստանի հետ։

“30 տարի հայկական բռնագրաւման տակ գտնուող Ղարաբաղի շրջանը ազատագրուեցաւ 44 օրուան ընթացքին, իսկ Փաշինեանի խօսքերը այս իրականութեան ուղղութեամբ, թէ ինք կ՚ընդունի եղածը, մեծ դժգոհութիւն յառաջացուց յատկապէս հայկական Սփիւռքի շարքերուն մէջ”,– ընդգծած է Քուրթուլմուշ։