Search
Close this search box.

Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանի հարցախոյզը՝ համայնքի իրավիճակը եւ ընկալումները յստակացնելու միտումով

Թուրքիոյ Հա­յոց պատ­րիար­քա­րանի կազ­մէն ներս գոր­ծող Թրքա­հայ ակա­դեմա­կան­նե­րու Հար­թա­կը ձեռ­նարկած է լայ­նա­ծաւալ հար­ցա­խոյ­զի մը, որուն ընդհա­նուր խո­րագիրն է «Թուրքիոյ հայ հա­մայնքի ապա­գայի տես­լա­կանը»։

Հար­թա­կի անձնա­կազ­մին մէջ ստեղծուած է տե­ղեկա­տուա­կան խմբակ մը, որ կ՚ու­սումնա­սիրէ ար­հեստնե­րու բա­ժանու­մը, ու­սա­նող­նե­րուն դպրոց­նե­րու հա­մակեր­պումը, յա­տուկ ուսման եւ  խնամ­քի կա­րօտ ան­ձերու ստու­գումը եւ  ան­հատնե­րու՝ հա­մայնքի կա­ռոյցնե­րու հան­դէպ ներգրա­ւումը։

Խմբա­կին մաս կը կազ­մեն տոքթ. Սե­ւան Կա­րապե­տօղ­լու, տոքթ. Սե­լին Էօզ­քան, տոքթ. Մե­րի Թաք­սի Տե­ւեճեան, Արաս Եոլու­սե­ւեր եւ  Յով­հաննէս Կիւլ։

Այս կապակցութեամբ տոքթ. Սե­ւան Կա­րապե­տօղ­լու յայտնած է, որ նման հար­ցա­խոյ­զով կ՚ու­զեն նախ եւ  առաջ հա­մայնքի իրա­վիճա­կը եւ  ըն­կա­լումնե­րը յստա­կաց­նել։ Ար­դէն ընկերային ցանցերու մի­ջոցաւ սկսած են հաւաքագրել հար­ցա­խոյ­զին պա­տաս­խաննե­րը։

***

Նշենք, թէ այս առիթով ուշագրաւ է Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ»-ի Մարտ 19-ի թիւով հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, ուր մասնաւորապէս նշուած է.

«Մեզի համար առանձնապէս ուշագրաւ է, որ այս հարցախոյզը համայնքին կը ներկայացուի բացառապէս թրքերէնով։ Ճիշդ է, որ թրքահայ համայնքի անդամներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը այսօր թէեւ ի վիճակի չէ հայերէնով հարցախոյզ մը լրացնելու, սակայն, համոզուած ենք, թէ մնացեալ փոքրամասնութեան՝ հայերէնով հաղորդակցելու ի վիճակի եղող խմբակին իրաւունքները պէտք չէ անտեսուէին։ Այդ սկզբունքին լրիւ անտեսուած ըլլալը իսկապէս շատ ցաւալի երեւոյթ մըն է եւ ինքնին ապացոյց մըն է, որ Պատրիարքական Աթոռը, դժբախտաբար, թրքահայ հաւաքականութեան ապագայի ցոլացումներուն մէջ արդէն տեղ չէ նախատեսած մայրենի լեզուին եւ անոր նկատմամբ զգայնութիւններուն համար՝ հակառակ անոր, որ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ պաշտամունքի լեզուն կը շարունակէ մնալ հայերէնը։ Եւս առաւել, այս վերաբերումով ինքնաբերաբար ի յայտ կու գայ նաեւ այն հանգամանքը, որ ներկայիս հայերէնով հաղորդակցելու ի վիճակի մարդոց ապագայի ցոլացումները արդէն ոեւէ մէկը չեն հետաքրքրեր այս համայնքին մէջ՝ ներառեալ հոգեւոր վերին իշխանութիւնը»։