Թուրքիոյ Սիվաս (Սեբաստիա) նահանգը գտնուող, 19-րդ դարուն կառուցուած հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին վաճառքի հանուած է:
1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք լքուած եկեղեցին տեղաբնակ Հաթիճէ Աքայ անունով մէկուն սեփականութիւնը դարձած է։ Վերջինս եկեղեցին վաճառելու համար դիմած է անշարժ գոյքի գործակալութեան:
Թրքական «DHA» լրասփիւռին հետ զրոյցին, նշեալ գործակալութիւնը յայտնած է, թէ «եկեղեցին վաճառելու գործով խոչընդոտ չկայ, քանի որ գոյութիւն ունի սեփականութեան վկայական»։
Եկեղեցւոյ վաճառքին դիմաց «սեփականատէր»-ը 16 միլիոն լիրա (շուրջ 500.000 տոլար) կը պահանջէ։
Նշենք, թէ սրբատաշ քարերով կառուցուած հայկական եկեղեցւոյ ներքին եւ արտաքին պատերուն փորագրուած են խաչի պատկերներ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։