Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը կը շարունակուի բոլոր մակարդակներու: Բացի պետական քաղաքականութենէն ու քարոզչութենէն, ժխտողական գործելաոճը տեղափոխուած է նաեւ հիմնադրամներու դաշտ:
Այսպէս, հակահայկական թեքում ունեցող շարք մը կառոյցներ համախմբուած են ու ստեղծած «TEKAR» հիմնադրամը (յապաւում, որ կը նշանակէ թուրք-հայկական թեման ուսումնասիրող հիմնադրամ – «ՆՅ»)։ Յայտարարուած է որ՝ անոր գլխաւոր նպատակն է «Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներուն դէմ պայքարը»:
Նոր արձանագրուած այս հիմնադրամին առաջին ընդհանուր ժողովը տեղի կ՚ունենար Յունիս 25-ին։ Գրող, լրագրող, վերլուծաբան Մեհմէտ Արիֆ Տեմիրեր, որ Հիմնադրամի ստեղծման գաղափարի հեղինակն է, կը դառնայ նաեւ «TEKAR»-ի տնօրէններու խորհուրդի նախագահը։
Հիմնադրամը նաեւ ճշդած է աշխատանքային ծրագիր մը, ուր նշուած է, որ իրենք կը փափաքին ապահովել ճիշդ ժամանակագրական յաջորդականութիւն՝ ներկայացնելով 1914-1924 ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները «առողջ մօտեցումներով» (ընդգծումը մերն է – «ՆՅ»): Բնականաբար, իրենց «առողջ մօտեցումը» կը նշանակէ ամէն գնով արդարացնել Օսմանեան պետութեան ցեղասպան քաղաքականութիւնը։
Հիմնադրամը կը ծրագրէ նաեւ վերհրատարակել Ահմէտ Էսաթ Ուրասի գիրքը, ուր զետեղուած են Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի հայեացքները, մտքերն ու յայտարարութիւնները Հայոց, անոնց ծաւալած գործունէութեան եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին։
Ուրաս (1882–1957) հանդիսացած է Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր դերակատարներէն։ Ան հետագային հեղինակած է «Հայերը պատմութեան մէջ եւ Հայկական հարցը» (1950) քարոզչական աշխատութիւնը, որ կը նկատուի «Թրքական ժխտողականութեան նախատիպ»-ը։
Հիմնադրամի ծրագրին մէջ անթաքոյց կը նշուի, որ այս ամբողջ աշխատանքը կը տարուի յա՛տկապէս 2023-ին՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան 100-ամեակին ընդառաջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։