Search
Close this search box.

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախկին նախարարը Պաքուէն կը սպառնայ Հայաստանին

Թուրքիոյ խորհրդարանի պաշտպանական յանձնաժողովի նախագահ, Պաշտպանութեան նախկին նախարար Հուլուսի Աքարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Յունուար 29-ին գացած է Պաքու, ուր ընդունուած է Ազերպայճանի նախագահին կողմէ։

Ալիեւի հետ հանդիպումին քննարկուած են Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի յարաբերութիւնները՝ ռազմական եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառներու մէջ, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի վերջին զարգացումները։

Լրագրողներու հետ ասուլիսին Աքար անդրադարձած է նաեւ Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին՝ սպառնալիքներ հնչեցնելով Հայաստանի հասցէին։ Նշելով, որ Հայաստան պէտք է ժամ առաջ սեղմէ Ազերպայճանի մեկնած «խաղաղութեան ձեռքը», ան ըսած է. “Որոշ երկիրներ կ՚ուզեն ձեւով մը Հայաստանը գործիք դարձնել։ Եթէ Հայաստան ընտրէ այդ սխալ ճամբան, ինչպէս 44-օրեայ պատերազմին, շատ լուրջ վնաս պիտի կրէ եւ սուղ գին պիտի վճարէ։ Պէտք չէ թոյլ տալ որ այդպէս ըլլայ։ Մեզի համար առանցքայինը խաղաղութիւնն է, հանդարտութիւնը եւ Կովկասի ապագան”։